Հեղինակ | Սթեֆըն Քինկ |
---|---|
Երկիր | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Լեզու | Անգլերէն |
Ոճ | Սարսափ |
Հրատարակող | Scribner |
Հրատարակչական թուական | 9 Նոյեմբեր, 2010 |
Էջ | 368 |
Full Dark, No Stars, գիրքը հրատարակուած է 9 Նոյեմբեր, 2010 թուականին եւ այդ 4 վիպակներու հաւաքածոյ մըն է, գրուած՝ Սթեֆըն Քինկ հեղինակին կողմէ: Այս 4 վիպաիկներէն մէկը տեղի կ'ունենայ Ներպասքիոյ մէջ, 1922 թուականին։
Սթեֆեն Քինկին «Full Dark, No Stars» գիրքը շահած է 2010 թուականի Bram Stoker-ի լաւագոյն հաւաքածոյին մրցանակը եւ պաշտօնակարգուած է 2011 թուականի երեւեկայութեան մրցանակին լաւագոյն հաւաքածոյի համար։ Նաեւ 1922 վիպակը պաշտօնակարգուած է 2011 թուականի Անգլիական երեւեկայութեան մրցանակին լաւագոյն վիպակին համար:
Չորս վիպակներն են՝
Full Dark, No Stars վէպիկներուն վերնագիրները առաջին անգամ հրատարակուեցան Սթեֆեն Քինկին պաշտօնական կայքէջին վրայ, 2 Ապրիլ, 2010 թուականին:
Full Dark, No Stars գիրքը Սթեֆեն Քինկին երրորդ հաւաքածոն է։ Միւս երկու հաւաքածոներն են՝ Different Seasons (1982) եւ Four Past Midnight (1990):
Full Dark, No Stars հաւաքածոյին զեկոյցը կատարուեցաւ 16 Փետրուար, 2010 թուականին՝ Սթեֆեն Քինկին պաշտօնական կայքէջին վրայ, իսկ հրատարակուեցաւ 9 Նոյեմբեր, 2010 թուականին: Cemetery Dance հրատարակչութիւնը այս գիրքը հրատարակեց սահմանափակ եւ չափաւոր քանակներով։ Full Dark, No Stars-ը երկրորդ անգամ հրատարակուեցաւ 24 Մայիս, 2011 թուականին պարունակելով 5-րդ վէպիկ մը (Under the Weather) գրուած 2011 թուականին: