Forbes («Ֆորպս»), ամերիկեան ֆինանսատնտեսական ամսագիր, աշխարհի ամենահեղինակաւոր եւ ամենայայտնի տնտեսական տպագրական հրատարակութիւններէն մէկն է։ Հիմնադրուած է Պերթի Չարլզ Ֆորպսի կողմէ` 1917 թուականին։
Ամսագիրի կարգախօսն է. «Կապիտալիստի գործիքը» («The Capitalist Tool»)։
Ամսագիրի շտաբ-բնակարանը տեղակայուած է Հինգերորդ պողոտային վրայ` Նիւ Եորքի կեդրոնը։ 2011 թուականէն գլխաւոր խմբագիրն է Սթիւ Ֆորպսը, իսկ հրատարակիչը` Ռիչարտ Քառլկաարտը։
Forbes ամսագիրը ընթերցողներու ուշադրութեան կը հրաւիրէ յաջողակ նախագիծերու եւ անոնց ապրանքներու պատմութեան, նախագիծերու ձախողումներու եւ ատոնց պատճառներու պատմութեան, յայտնի ձեռնարկատէրերու կեանքին ու գործունէութեան, մեծ իրադարձութիւններու պատճառներուն եւ հետեւանքներուն, աշխարհի ամենահարուստ մարդկանց վարկանիշներուն, շոու-պիզնեսի եւ մարզիկներու ամենամեծ պատուակալներուն, շահոյթներուն ու ծախսերուն, առեւտուրի եւ PR-հնարքներուն։
Forbes-ը կը համարուի աշխարհի գործարար ամսագիրներու յառաջատարը։ Ամսագիրը առեւտրական աշխարհին մէջ ճանաչում գտաւ խիզախօրէն հետազօտութիւններ կատարելու եւ իրադարձութիւններու առարկայական գնահատական տալու համար, ինչպէս նաեւ իրենց կողմէ տարբեր ցանկեր եւ վարկանիշներ հրապարակելու հետեւանքով։ Ատոնցմէ ամենայայտնին դարձաւ աշխարհի միլիառատէրերու ցանկը։
ԱՄՆ-ու մէջ լսարանի ընդգրկման ծաւալով Forbes-ը Bloomberg Businessweek-էն ետք 2-րդ գործարար ամսագիրն է` 970 հազարէն աւելի տպաքանակով։
Ամսագիրի ամէն համար կը պարունակէ 60 վերլուծական յօդուածներ ընկերութիւններու, անոնց հիմնադիրներու եւ ղեկավարներու մասին։ Forbes-ի ընդհանուր լսարանը եւ անոր միջազգային անգլիալեզու հրատարկչութիւնը ամբողջ աշխարհին վրայ կը կազմէ մօտ 5 միլիոն մարդ։ Բացի ատկէ, տեղական լեզուներով ամսագիրը լոյս կը տեսնէ Ռուսաստանի, Ճափոնի, Պրազիլի, Վրաստանի, Լեհաստանի, Ղազախստանի, Էսթոնիոյ, Քորէայի, Չինաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ։
1918 թուականին առաջին անգամ Forbes-ը փորձած է գնահատել յառաջատար գործարարներու կարողութիւնները` հրապարակելով 30 ամենահարուստ ամերիկացիներու ցանկը։ Առաջին վարկանիշի յառաջատարը դարձաւ Ճոն Ռոքֆելլըրը` այդ ժամանակներու համար ահռելի` 1.2 միլիառ տոլար կարողութեամբ։
Ռուսաստանը դարձաւ աշխարհի 5-րդ երկիրը, ուր Ֆորպսը սկսաւ հրատարակել իր ամսագիրը։ Ամսագիրի ռուսական համարը լոյս տեսաւ 2004 թուականի Ապրիլին։ Ամսագիրի հրատարակիչը դարձաւ «Աքսել Շպրինկըր Ռաշա» ՓԲԸ-ն` գերմանական Axel Springer AG մետիահոլտինկի դուստր կազմակերպութիւնը։ Ապրանքանշանի սեփականատէրն է Forbes inc.-ը։ 9 Նոյեմբեր 2009-ին բացուեցաւ ռուսական «Ֆորպս» ամսագիրի կայքէջը։
2004 թուականին ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր նշանակուեցաւ Փոլ Խլեպնիկովը։ Նոյն թուականի Մայիսին ռուսական Forbes-ը հրապարակեց Ռուսաստանի ամենահարուստ 100 քաղաքացիներու ցանկը։ Խլեպնիկովը սպանուեցաւ 9 Յուլիս 2004-ին` Մոսկուայի մէջ Forbes-ի խմբագրատունէն ոչ հեռու։ 30 Օգոստոս 2004-էն մինչեւ Մարտ 2011 գլխաւոր խմբագիրն էր Մաքսիմ Քաշուլինսկին, 16 Մայիս 2011-էն` Էլիզաւետա Օսեթինսկայան։ 1 Յունուար 2014-էն մինչեւ Յունուար 2016 գլխաւոր խմբագիրը կը համարուէր Էլմար Մուրտազայեւը, սակայն ներկայիս այդ պարտականութիւնը դրուած է Նիկոլայ Ուսկովի վրայ։
2007 թուականի ամրան հրատարակչութիւնը փորձեց ձեռք բերել Ռոտիոնովա հրատարակչատունը։
2015 թուականի Հոկտեմբերին ռուսական Forbes-ի հրատարակիչը դարձաւ Artcom Media Group (ACMG) ընկերութիւնը, որ կը պատկանի առեւտրական Ալեքսանդր Ֆետոտովին։ Գերմանական Axel Springer հրատարակչատունը ստիպուած էր վաճառել ամսագիրը` 2014 թուականի Սեպտեմբերին ընդունուած օրէնքին պատճառով։ Վերջինս 20%-ով կը սահմանափակէ արտասահմանի բաժինը ռուսական ԶԼՄ-ներու տնօրինման գործին մէջ։ Այդ ժամանակ մետիաշուկայի մասնակիցները այդ օրէնքը անուանած են ««Տեղեկագիրեր» թերթի եւ Forbes ամսագիրի անունով»։ Forbes-ի նոր ղեկավարը յայտարարեց, որ ատոր մէջ չափէն աւելի քաղաքականութիւն կայ։
Ուքրանիոյ մէջ «Forbes»-ը կը հրատարակուի 2011 թուականի Մարտէն։ Որպէս ամսագիրի հրատարակիչ հանդէս եկաւ UMH group-ը (Ուքրանական Մետիա Հոլտինկ)։ 13 Օգոստոս 2010-ին UMH group-ի հիմնադիր Պորիս Լոժկինը յայտարարեց հրատարակութեան թոյլտուութիւն ստանալու մասին։
2011 թուականի աշնան թողարկուեցաւ Forbes Woman յաւելուածը։ 2012 թուականի Սեպտեմբերին սկսաւ գործել forbes.ua կայքէջը, իսկ 1 տարի ետք թողարկուեցաւ հրատարակութեան IPad-տարբերակը։
Միկել Ֆորպսի յայտարարութեամբ, որ Forbes ապրանքանիշի համաշխարհային զարգացման պատասխանատուն է, ուքրանական F0orbes-ը ցուցանիշներով առաջին հինգեակին մէջ է։ Մնացած երկիրները, ուր Forbes-ը առաւել յաջողած է, Ռուսաստանը, Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Լեհաստանն են։
Առաջին գլխաւոր խմբագիրը դարձաւ Վլատիմիր Ֆետորինը, որ մինչ այդ կը զբաղեցնէր Forbes-ի ռուսական տարբերակի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալի պաշտօնը։ 2013 թուականի Յունիսին Վլադիմիր Ֆետորինը յայտարարեց, որ դուրս կու գայ հրատարակչութենէն՝ կապուած ընկերութեան ղեկավարի փոփոխման հետ։ 2013 թուականի Յունիսին յայտարարուեցաւ, որ Սերգէյ Քուրչեկոյի «ՎԵՏԷԿ» ընկերութեան խումբը ձեռք բերած էր Ուքրանիոյ ամենախոշոր մետիա-հոլտինկներէն մէկը՝ UMH group-ը։ «Forbes Ուքրանիոյ» (կը մտնէ UMH group-ի մէջ) գլխաւոր խմբագիր Վլատիմիր Ֆետորինը «Forbes Ուքրանիոյ» վաճառքը կը համարէ նախագիծի աւարտը իր այժմու տեսքով եւ համոզուած է, որ գնորդը կը հետապնդէ 3 նպատակներէ որեւէ մէկը՝ փակած է լրագրողներու բերանը նախագահական ընտրութիւններէն առաջ, վերականգնած է սեփական համբաւը, հրատարակչութիւնը օգտագործած է այն հարցերու լուծման համար, որոնք մետիա-պիզնեսի հետ ընդհանուր ոչինչ ունին։ 5 Նոյեմբեր 2013-ին Սերգէյ Քուրչենկոյի ՎԵՏԷԿ ընկերութեան խումբը մուծեց վճարի վերջին մասը, որ մետիա-հոլտինկի գնման համար նախատեսուած համաձայնագիրով էր։ UMH Group-ը պէտք է ղեկավարէ ՎԵՏԷԿ ընկերութեան յատուկ ստեղծուած ստորաբաժանումը՝ «ՎԵՏԷԿ-Մետիա» ընկերութիւնը։ 2013 թուականի Յուլիսէն գլխաւոր խմբագիրն է Միխայիլ Կոտովը, որ մինչ այդ ղեկավարած է «Газета.Ru» խմբագրութիւնը։
13 Նոյեմբեր 2013-ին ուքրանական Forbes-ի 14 լրագրողներ աշխատանքէն ազատման դիմում գրեցին «հրատարակչական քաղաքականութիւնը փոխելու փորձի» պատճառով։
2014 թուականի Մարտին «BuzzFeed» պորտալը տեղեկութիւն հրապարակեց, թէ ամերիկեան «Forbes» հրատարակչատունը թոյլտուութիւն կը խնդրէ «UMH Group» ընկերութենէն Forbes ամսագիրի ուքրանական տարբերակի հրատարակման համար։ Նորութիւնը յայտնուեցաւ, երբ Միկել Ֆորպսը՝ Քուրչենկոյի նախկին մետիախորհրդատուն, լքեց «Ֆորպս» ընտանիքը։ Այդ ամբողջ ընթացքին խմբագրութիւնը կը գտնուէր կախեալ վիճակի մէջ, սակայն կայքի եւ ամսագիրի հաւաքածոյին յայտարարեցին, որ թոյլտուութիւնը այնուամենայնիւ կը գտնուի Սերգէյ Քուրչենկոյի մօտ։
Արդէն 2014 թուականի Սեպտեմբերին UMH group-ի զննող խորհուրդի նախագահ նշանակեցին անցանկալի պատգամաւոր Էլենա Պոնտարենկոյին։
7 Օգոստոս 2015-ին «Forbes» ամսագիրի ուքրանական տարբերակի նորութիւններու կայքէջը անակնկալ կերպով փոխեց իր հասցէն forbes.ua-էն forbes.net.ua, որ կը վկայէր առեւտրական ապրանքանիշի հետ խնդիրներու մասին։ Իսկ 8 Օգոստոս 2015-ին հրապարակուեցան Forbes-ի ներկայացուցիչներու մեկնաբանութիւնները, որոնցմով կը հաստատուի, որ համաձայն ամերիկեան կառավարութեան կարգադրութեան՝ 6 Օգոստոս 2015-ին Forbes-ը իրականացուցած է բոլոր գործողութիւնները, որ Ուքրանիոյ Forbes-ին մերժուի մրցումէն եւ ապրանքանիշէն օգտուելու հնարաւորութիւնը։ Ատով պայմանաւորուած՝ Forbes-ը այլեւս հնարաւորութիւն չի ընձեռներ UMH Group-ին՝ UMH կայքէջի համար հեղինակազօրուած մուտք գործել որպէս Forbes ապրանքանիշ կամ ունենալ forbes.ua պոմենի մուտքային թոյլտուութիւն։
|